bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
2 Chronicles 36
2 Chronicles 36
Armenian 1853
← Chapter 35
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
1
Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու զանիկա իր հօրը տեղ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր ըրին։
2
Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։
3
Եգիպտոսի թագաւորը զանիկա Երուսաղէմի մէջ աթոռէն վար առաւ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու մէկ տաղանդ ոսկի տուրք դրաւ։
4
Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր դրաւ եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց ու Նեքաւով անոր եղբայրը Յովաքազը առաւ ու Եգիպտոս տարաւ։
5
Յովակիմ քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ։
6
Անոր վրայ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ ու զանիկա Բաբելոն տանելու համար ոտնակապերով կապեց։
7
Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջը տանը անօթները առաւ ու Բաբելոն տարաւ ու զանոնք Բաբելոն իր տաճարին մէջ դրաւ։
8
Եւ Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած գարշութիւնները եւ անոր վրայ գտնուածը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Անոր տեղ անոր որդին Յովաքինը թագաւոր եղաւ։
9
Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս ու տասը օր թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։
10
Հետեւեալ տարին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց եւ զանիկա ու Տէրոջը տաճարին պատուական սպասները Բաբելոն տարաւ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր եղբայրը Սեդեկիան թագաւոր դրաւ։
11
Սեդեկիան քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։
12
Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա Մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ։
13
Նաեւ ապստամբեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին դէմ, որ անոր երդում ընել տուեր էր Աստուծոյ անունովը ։ Իր պարանոցը խստացուց ու իր սիրտը կարծրացուց՝ որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն չդառնայ։
14
Քահանաներուն բոլոր իշխանները ու ժողովուրդն ալ ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն հետեւելով՝ խիստ շատ անօրէնութիւններ ըրին ու Տէրոջը Երուսաղէմի մէջ սրբած տունը պղծեցին։
15
Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով՝ ՝ ազդարարութիւններ կը ղրկէր.
16
Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։
17
Անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց. անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։
18
Ու Աստուծոյ տանը բոլոր մեծ ու պզտիկ անօթները ու Տէրոջը տանը գանձերը եւ թագաւորին ու անոր իշխաններուն գանձերը՝ ամէնքն ալ Բաբելոն տարաւ։
19
Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին։
20
Սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարին ու մինչեւ Պարսից թագաւորութեան հաստատուիլը, անոր եւ անոր որդիներուն ծառաները եղան,
21
Որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, մինչեւ երկիրը իր շաբաթները վայելէ։ Իր աւերման բոլոր օրերը շաբաթ պահեց, մինչեւ եօթանասուն տարին լմնցաւ։
22
Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.
23
«Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի’»։
← Chapter 35
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36