bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
2 Samuel 1
2 Samuel 1
Armenian 1853
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 2 →
1
Սաւուղին մեռնելէն ետքը, երբ Դաւիթ Ամաղեկացիները զարնելէն դարձեր էր ու երկու օր Սիկելակի մէջ նստեր էր,
2
Երրորդ օրը բանակէն՝ Սաւուղին քովէն՝ մէկը եկաւ, որուն հանդերձները պատռուած էին ու գլխուն վրայ հող կար։ Անիկա Դաւիթին քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։
3
Դաւիթ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Իսրայէլի բանակէն փախայ»։
4
Դաւիթ ըսաւ անոր. «Բանը ի՞նչպէս եղաւ, պատմէ՛ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ ու ժողովուրդէն շատ մարդիկ ինկան մեռան»։
5
Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին մեռնիլը ուրկէ՞ գիտես»։
6
Անոր լուր բերող պատանին ըսաւ. «Դիպուածով Գեղբուէ լերան վրայ գտնուեցայ եւ ահա Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթներ էր ու կառքերը եւ ձիաւորները անոր կը մօտենային։
7
Այն ատեն ետեւը դառնալով զիս տեսաւ ու զիս կանչեց։ Ես ալ ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։
8
Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Դուն ո՞վ ես’։ Ես ալ անոր ըսի թէ՝ Ամաղեկացի եմ։
9
Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, իմ վրաս ելիր ու զսի մեռցուր. քանզի վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին հոգիս վրաս է’։
10
Այն ատեն անոր վրայ ելայ ու զանիկա մեռցուցի. քանզի ես հասկցայ թէ անիկա իյնալէն ետքը պիտի չապրի։ Անոր գլխուն թագը եւ անոր թեւին ապարանջանը առի ու զանոնք հոս իմ տիրոջս բերի»։
11
Այն ատեն Դաւիթ իր հանդերձները պատռեց, նոյնպէս ալ անոր հետ եղող բոլոր մարդիկը։
12
Անոնք Սաւուղին համար ու անոր որդիին Յովնաթանին համար եւ Տէրոջը ժողովուրդին համար ու Իսրայէլի տանը համար սուգ բռնեցին ու լացին ու մինչեւ իրիկուն ծոմ բռնեցին, քանի որ սրով ինկած էին։
13
Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Դուն ո՞ր տեղացի ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես պանդուխտ Ամաղեկացիի մը զաւակ եմ»։
14
Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկնցնելու եւ Տէրոջը օծեալը մեռցնելու»։
15
Դաւիթ մանչերէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. «Մօտեցի՛ր, ասիկա մեռցո՛ւր»։ Զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։
16
Ու Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու արիւնդ քու գլուխդ ըլլայ, քանզի քու բերանդ քեզի համար վկայութիւն տուաւ՝ ըսելով. ‘Տէրոջը օծեալը ես մեռցուցի’»։
17
Դաւիթ Սաւուղին ու Յովնաթանին վրայ այս ողբը ըսաւ
18
Ու պատուիրեց որ Աղեղը Յուդային որդիներուն սորվեցնեն։ Անիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած է.
19
«Ո՛վ Իսրայէլի փառքը, Քու բարձր տեղերուդ վրայ վրաւորուած ինկար ։ Զօրաւորները ի՛նչպէս ինկան։
20
Գէթի մէջ մի՛ պատմէք, Ասկաղոնի ճամբաներուն մէջ աւետիս մի՛ տաք. Չըլլայ թէ Փղշտացիներուն աղջիկները ուրախանան, Չըլլայ թէ անթլփատներուն աղջիկները ցնծութիւն ընեն։
21
Ո՛վ Գեղբուէի լեռներ, Ձեր վրայ ո՛չ ցօղ գայ եւ ո՛չ անձրեւ Ու երախայրի ընծաներու անդաստաններ չգտնուին. Քանզի զօրաւորներուն վահանը հոն ձգուեցաւ, Սաւուղին վահանը կարծես թէ իւղով չէր օծուած։
22
Վիրաւորուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝ Յովնաթանին աղեղը ետ չքաշուեցաւ Ու Սաւուղին սուրը պարապ չդարձաւ։
23
Սաւուղ ու Յովնաթան Իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով, Իրենց մահուան ժամանակ ալ իրարմէ չզատուեցան։ Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ Ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։
24
Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար, Որ ձեզի վայելուչ կարմիրներ կը հագցնէր Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր։
25
Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան։ Ո՛վ Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ մեռցուեցար։
26
Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, Ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. Դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, Կանանց սէրէն աւելի էր։
27
Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան Ու պատերազմի զէնքերը կորսուեցան։
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 2 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24