bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Deuteronomy 3
Deuteronomy 3
Armenian 1853
← Chapter 2
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 4 →
1
«Անկէ դարձանք Բասանի ճամբան ելանք։ Բասանի Ովգ թագաւորը ինք՝ իր բոլոր ժողովուրդովը՝ Եդրայիի մէջ մեր դէմն ելաւ պատերազմելու համար։
2
Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ վախնար, վասն զի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդն ու երկիրը քու ձեռքդ պիտի տամ ու անոր ալ՝ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ’։
3
Մեր Տէր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ժողովուրդը մեր ձեռքը տուաւ եւ մենք այնպէս ջարդեցինք զանոնք, որ անոնցմէ մէ՛կն ալ ողջ չմնաց՝ ՝։
4
Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք։ Քաղաք մըն ալ չմնաց, որ չառնենք։ Վաթսուն քաղաք, այսինքն բոլոր Արգովբի գաւառը, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութիւնը։
5
Ասոնց ամէնքն ալ բարձր պարիսպներով, դռներով ու դռնափակներով ամրացած քաղաքներ էին, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք խիստ շատ էին։
6
Զանոնք բնաջինջ ըրինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը ըրինք, բոլոր քաղաքներու մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք.
7
Սակայն բոլոր անասուններն ու քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։
8
Նոյն ժամանակ՝ Յորդանանի անդիի կողմը եղող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք երկիրը՝ Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը։
9
Սիդոնացիները Հերմոնին Սարիօն կ’ըսէին, բայց Ամօրհացիները զանիկա Սանիր կը կոչէին
10
Բոլոր դաշտի քաղաքները, բոլոր Գաղաադն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգին թագաւորութեան քաղաքները առինք ։
11
Քանզի հսկաներէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացեր էր։ Անոր երկաթէ մահիճը Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կեցած է ։ Երկայնութիւնը ինը կանգուն էր ու լայնութիւնը չորս կանգուն էր՝ սովորական կանգունով։
12
Երբ առինք երկիրը, Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ լերանը կէսը՝ իր քաղաքներովը Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի։
13
Գաղաադի մնացած մասը ու բոլոր Բասանը՝ այսինքն Ովգին թագաւորութիւնն ու բոլոր Արգովբի գաւառը, բոլոր Բասանին հետ, որ հսկաներու երկիր կը կոչուէր՝ Մանասէին ցեղին տուի։
14
Մանասեան Յայիրը բոլոր Արգովբի գաւառը առաւ մինչեւ Գեսուրացիներու ու Մաքաթացիներու սահմանը ու զանոնք իր անունովը մինչեւ այսօր Բասան-Հաւօթյայիր՝ ՝ կոչեց։
15
Այսպէս Գաղաադը Մաքիրին տուի։
16
Գաղաադէն մինչեւ Առնոն ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը, որ սահմանն է,) ու մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի,
17
Նաեւ դաշտը՝ Յորդանանի սահմանովը Քեներեթէն մինչեւ դաշտային ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղած Ասեդովթ-Փասգայի տակ։
18
Այն ատեն ձեզի պատուիրեցի ու ըսի. ‘Ձեր Տէր Աստուածը այս երկիրը ձեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ. ուստի դուք ամէնքդ, որ կտրիճներ էք, զէնքերնիդ առէք ու Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն՝ առջեւ անցէք.
19
Բայց ձեր կիները, ձեր որդիներն ու ձեր անասունները, (որովհետեւ ձեր անասուններուն շատ ըլլալը գիտեմ,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ, որոնք ես ձեզի տուի,
20
Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ ու մինչեւ որ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը Յորդանանի անդիի կողմը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեզմէ ամէն մէկը դառնայ իր ժառանգութեանը, որ ես ձեզի տուի’։
21
Այն ատեն Յեսուին պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Քու աչքերդ տեսան ինչ որ ձեր Տէր Աստուածը այս երկու թագաւորներուն ըրաւ. այնպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն ամէն թագաւորներուն, որոնց վրայ դուն պիտի երթաս՝ ՝։
22
Անոնցմէ մի՛ վախնաք. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ինք կը պատերազմի ձեզի համար’։
23
Այն ատեն Տէրոջը աղաչեցի ու ըսի.
24
‘Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն սկսար քու ծառայիդ ցուցնել քու մեծութիւնդ ու քու զօրաւոր ձեռքդ, վասն զի երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ քու գործերուդ ու քու զօրութեանդ պէս գործ մը ընելու կարող ըլլայ։
25
Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդիի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը, տեսնեմ’։
26
Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով՝ իմ խնդիրքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես.
27
Փասգայի գագաթը ելի՛ր ու դէպի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք աչքերդ վերցո՛ւր ու քու աչքերովդ դիտէ. քանզի դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։
28
Ու Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր։
29
Ուստի մենք հովիտին մէջ Բեթփեգովրի դիմաց նստեցանք»։
← Chapter 2
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 4 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34