bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Jeremiah 30
Jeremiah 30
Armenian 1853
← Chapter 29
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 31 →
1
Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝
2
Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛.
3
Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն ու Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։
4
Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են.
5
«Սոսկալի ձայն մը լսեցինք, Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։
6
Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞. Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։
7
Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։ Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, Բայց անկէ պիտի ազատի։
8
«Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ Եւ կապերը պիտի փրցնեմ Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն.
9
Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն, Որ ես պիտի հանեմ անոնց։
10
«Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։
11
«Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։
12
Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է.
13
Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ. Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։
14
Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան, Քեզ չեն փնտռեր։ Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով, Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝ Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
15
Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։ Քու ցաւդ անբժշկելի է։ Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
16
Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։ Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։ Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։ Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ.
17
Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին, ‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին »։
18
Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ, Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։ Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի Եւ պալատը առաջուան պէս՝ ՝ պիտի վերականգնի։
19
Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ Ուրախութեան ձայն։ Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան, Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
20
Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան, Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։
21
Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ, Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։ Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ. Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։
22
Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։
23
Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։ Անիկա աւլող մրրիկ է, Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։
24
Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։ Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։
← Chapter 29
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 31 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50
51
52