bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Zechariah 2
Zechariah 2
Armenian 1853
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 3 →
1
Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։
2
Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։
3
Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ
4
Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛. ‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։
5
Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։
6
«Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։
7
«Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն, Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։
8
Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն, Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։
9
«Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է»։
10
«Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի ահա ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։
11
«Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։
12
Տէրը, սուրբ երկրին մէջ Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։
13
Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին, Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14