bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2017
/
Romans 3
Romans 3
Armenian 2017
← Chapter 2
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 4 →
1
Ուրեմն Հրեան ի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ թլփատութենէն ի՞նչ շահ կայ։
2
Շատ՝ ամէն կերպով. ամենէն առաջ ան՝ որ Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան։
3
Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։
4
Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. «Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես»։
5
Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ կը բերէ.
6
(մարդկօրէն կ’ըսեմ). քա՛ւ լիցի. ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս Աստուած պիտի դատէ աշխարհը։
7
Վասն զի եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իմ ստութիւնովս կ’աւելնայ իր փառքին համար, ալ ես ինչո՞ւ մեղաւորի մը պէս դատուիմ։
8
Եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ ըսել, ինչպէս ոմանք մեր վրայ չարախօսութիւն ընելով՝ կ’ըսեն թէ մենք կ’ըսենք՝ «Չարը գործենք, որպէս զի բարին գայ»։ Ատոնք իրապէս դատապարտելի են։
9
Ուստի ալ ի՞նչ ըսենք։ Հրեաներս առաւելութիւն ունի՞նք հեթանոսներէն ։ Երբեք. վասն զի առաջ մեղադրեցինք Հրեաները եւ հեթանոսները թէ բոլորը մեղքի տակ են։
10
Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը»,
11
«Մէկը չկայ որ հասկնայ, մէկը չկայ որ Աստուած փնտռէ։
12
Բոլորը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ մըն ալ չկայ»։
13
«Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան, իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։
14
«Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է».
15
«Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու».
16
«Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ»։
17
«Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։
18
«Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։
19
Բայց գիտենք թէ օրէնքը ինչ որ կ’ըսէ, անոնց կ’ըսէ՝ որոնք օրէնքին տակ են, որպէս զի ամէն բերան գոցուի եւ բոլոր աշխարհ դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։
20
Վասն զի անոր առջեւ ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքին գործերովը, քանզի օրէնքով մեղքը կը ճանչցուի։
21
Բայց հիմա առանց օրէնքի Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուած է, թէեւ օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն թէ
22
Աստուծոյ արդարութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքէն է որ բոլոր հաւատացողներուն վրայ կ’ըլլայ. քանզի խտրութիւն չկայ։
23
Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան.
24
բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան,
25
որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։
26
Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը։
27
Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծենալը։ Խափանուեցաւ։ Ո՞ր օրէնքէն, գործերո՞ւ օրէնքէն ։ Ո՛չ, հապա հաւատքի օրէնքէն։
28
Վասն զի կը սեպենք թէ մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն։
29
Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ։
30
Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։
31
Ուստի մենք հաւատքով օրէնքը կը խափանե՞նք։ Քա՛ւ լիցի, հապա օրէնքը կը հաստատենք։
← Chapter 2
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 4 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16