bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
1 John 1
1 John 1
Armenian 2019
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 2 →
1
Մենք լսեցինք, մերաչքերով տեսանք եւմեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր։
2
Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ։
3
Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ,
4
եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը։
5
Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ։
6
Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր։
7
Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ՚ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ։
8
Եթէ ըսենք՝ «Մեղք չունինք», մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։
9
Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։
10
Եթէ «Մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ իր խօսքը չկայ։
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 2 →
All chapters:
1
2
3
4
5