bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
Hebrews 1
Hebrews 1
Armenian 2019
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 2 →
1
Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ,
2
իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ։ Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց։
3
Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը։
4
Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ.
5
որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»։ Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակինըսաւ. «Ես անոր հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի որդի»։
6
Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»։
7
Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն՝ կ՚ըսէ.– «Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց որպէս պատգամաւոր հոգիներ, եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»։
8
Մինչդեռ Որդիին կ՚ըսէ.– «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է. արդարութեամբ կ՚իշխես թագաւորութեանդ վրայ։
9
Արդարութիւնըկը սիրես եւ անիրաւութիւնը կ՚ատես։ Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ, քու ընկերներէդ աւելի»։
10
Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ՚ըսէ.– «Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը։ եւ երկինքը քու ձեռագործդ է։
11
Անոնք պիտի կորսուին. բայց դուն կաս եւ կը մնաս։ Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին.
12
վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք եւ հագուստի մը պէս փոխես։ Բայց դուն միշտ նոյնն ես եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»։
13
Բայց հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք.– «Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։
14
Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն։
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 2 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13