bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
James 4
James 4
Armenian 2019
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 5 →
1
Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւններն ու կռիւները. արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք ձեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն։
2
Շատ մը բաներու կը ցանկաք, բայց չէք կրնար ունենալ, ուստի կը սպաննէք։ Կը նախանձիք, բայց չէք կրնար ձեռք անցընել, եւ ահա կը կռուիք ու կը պայքարիք։ Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր.
3
կամ՝ կը խնդրէք եւ Աստուած չի տար, որովհետեւ գէշ նպատակով կը խնդրէք, ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար։
4
Անհաւատարի՛մ մարդիկ, չէ՞ք գիտեր որ աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ։ Որովհետեւ ով որ կ՚ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ՝ ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ։
5
Կը կարծէք թէ Սուրբ գիրքը պարա՞պ տեղ կ՚ըսէ. «Աստուած նախանձախնդրութեամբ կը պահանջէ այն հոգին որ մեր մէջ դրած է»,
6
որուն համար ալ աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ մեզի, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.։ «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն»։
7
Հետեւաբար հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ դէմ դրէք չարախօսին՝ Սատանային, եւ հեռու պիտի փախչի ձեզմէ։
8
Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի։ Ձեր ձեռքերէն չար գործերու աղտը լուացէ՛ք, մեղաւորնե՛ր. եւ դուք, երկմի՛տ մարդիկ, ձեր միտքերը յստակացուցէ՛ք։
9
Տառապեցէ՛ք, սգացէք ու լացէք. այո՛, ծիծաղելու տեղ՝ սգացէ՛ք, ուրախանալու տեղ՝ տրտմեցէ՛ք։
10
Դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ։
11
Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ։ Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ Օրէնքը կը դատես՝ կը նշանակէ թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը։
12
Միակ Օրէնսդիրն ու Դատաւորը, որ իշխանութիւն ունի փրկելու կամ կորուստի մատնելու՝ Աստուած է։ Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես։
13
Ինծի մտիկ ըրէք նաեւ դուք՝ որ կ՚ըսէք. «Այսօր կամ վաղը այսինչ քաղաքը պիտի երթանք եւ տարի մը հոն մնանք, առեւտուր պիտի ընենք եւ շահինք»։
14
Միթէ գիտէ՞ք վաղը ինչ պիտի ըլլաք։ Ձեր կեանքը մշուշին պէս է, որ կարճ ժամանակ մը կ՚երեւի եւ ապա կ՚աներեւութանայ։
15
Փոխանակ ըսելու՝ «Եթէ Տէրը կամենայ՝ կ՚ապրինք եւ այսինչ կամ այնինչ բանը կ՚ընենք»,
16
ամբարտաւան կերպով կը յոխորտաք։ Բայց այդպէս յոխորտալը սխալ է։
17
Հետեւաբար, ով որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մեղք է որ կը գործէ։
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 5 →
All chapters:
1
2
3
4
5