bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
John 2
John 2
Armenian 2019
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 3 →
1
Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր։
2
Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին։
3
Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ. – Գինի չունին։ –
4
Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,– պատասխանեց Յիսուս,– իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած։
5
Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն. – Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք։
6
Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր։
7
Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն. – Կարասները ջուրով լեցուցէք։ Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան։
8
Յետոյ ըսաւ անոնց. – Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք։ Անոնքալտարին։
9
Սեղանապետըհամտեսեցգինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին։ Այն ատեն սեղանապետը փեսային
10
ըսաւ. – Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա։
11
Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն։
12
Այս դէպքէն ետք՝ Յիսուս իր մօրը, եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ Կափառնաում գնաց եւ քանի մը օր հոն մնաց։
13
Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։
14
Տաճարին մէջ տեսաւ արջառ, ոչխար եւ աղաւնի ծախողները, ինչպէս նաեւ լումայափոխները, որոնք նստած էին սեղաններու ետին։
15
Չուանէ խարազան մը շինեց եւ սկսաւ տաճարէն դուրս հանել բոլորը, իրենց ոչխարներով եւ արջառներով. լումայափոխներուն պղնձադրամները ցիրուցան ըրաւ եւ անոնց սեղանները շրջեց։
16
Իսկ աղաւնեվաճառներուն ըսաւ. – Վերցուցէ՛ք ատոնք հոսկէ եւ Հօրս տունը վաճառատան մի՛ վերածէք։
17
Այն ատեն իր աշակերտները յիշեցին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը. «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախընդրութիւնս զիս պիտի այրէ»։
18
Սակայն Հրեայ ղեկավարները հարցուցին Յիսուսի. – Ի՞նչ նշանով կրնաս ցոյց տալ մեզի, թէ իրաւունք ունիս այս բաները ընելու։
19
Յիսուս պատասխանեց. – Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ երեք օրէն ես պիտի վերաշինեմ զայն։
20
Հրեաները ըսին. – Դուն երեք օրէ՞ն պիտի վերաշինես. քառասունվեց տարի առաւ ասոր շինութիւնը։
21
Բայց տաճարը, որուն մասին Յիսուս կը խօսէր, իր մարմինն էր։
22
Եւ երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, աշակերտները յիշեցին թէ ա՛յդ էր ըսածը եւ հաւատացին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածին եւ Յիսուսի խօսքին։
23
Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները։
24
Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար
25
եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21