bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
Revelation 10
Revelation 10
Armenian 2019
← Chapter 9
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 11 →
1
Ապա տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր՝ ամպի մը մէջ փաթթուած եւ գլխուն՝ ծիրանի գօտի։ Անոր երեսը արեւու կը նմանէր եւ ոտքերը՝ կրակէ սիւներու։
2
Իր ձեռքին մէջ բացուած գրքոյկ մը ունէր. ան իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ
3
եւ բարձրաձայն աղաղակեց, ինչպէս առիւծը կը մռնչէ։ Երբ աղաղակեց՝ եօթը որոտումները թնդացին իրենց ձայներով,
4
եւ երբ եօթը որոտումները ձայնեցին՝ կ՚ուզէի գրի առնել։ Բայց երկինքէն լսեցի ձայն մը, որ կ՚ըսէր. –Մի՛ արձանագրեր ինչ որ եօթը որոտումները ըսին. գրի մի՛ առներ։
5
Յետոյ հրեշտակը, որ մէկ ոտքը դրած էր ծովուն վրայ եւ միւսը՝ ցամաքին, իր աջ ձեռքը երկինք բարձրացուց
6
եւ երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի Աստուծոյ անունով, անոր՝ որ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ ծովը եւ ինչ որ կայ անոնց մէջ, ու ըսաւ. «Այլեւս ուշացում պիտի չըլլայ։
7
Երբ եօթներորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնէ, այն ատեն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի կատարուի, ինչպէս որ անոր ծառաները՝ մարգարէները աւետեցին։
8
Ապա այն ձայնը որ լսած էի երկինքէն, դարձեալ ինծի խօսեցաւ եւ ըսաւ. –Գնա՛, ա՛ռ այդ գրքոյկը, որ ծովուն եւ ցամաքին վրայ կանգնած հրեշտակը իր ձեռքին մէջ բացուած ունի։
9
Ես գացի հրեշտակին մօտ եւ իրմէ խնդրեցի որ ինծի տայ գրքոյկը։ Անիկա ըսաւ ինծի. –Ա՛ռ եւ կե՛ր ասիկա. ստամոքսիդ մէջ լեղի պիտի դառնայ, բայց բերանիդ մէջ մեղրի պէս քաղցր պիտի ըլլայ։
10
Հրեշտակին ձեռքէն առի բացուած գրքոյկը եւ կերայ։ Բերանիս մէջ մեղրի պէս քաղցրէր, բայց երբ կլլեցի՝ ստամոքսիս մէջ լեղի դարձաւ։
11
Ապա հրեշտակը ըսաւ ինծի. –Այս մարգարէութիւնը եւս պէտք է յայտնես բազմաթիւ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու։
← Chapter 9
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 11 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22