bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 2019
/
Romans 2
Romans 2
Armenian 2019
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 3 →
1
Ուստի արդարացում չունիս, ո՛վ մարդ, դուն՝ որ ուրիշները կը դատես, որովհետեւ ի՛նչ բանով որ ընկերդ կը դատես՝ ինքզինքդ կը դատապարտես, քանի որ նոյն բաները դուն ալ կը գործես, դուն՝ որ կը դատես։
2
Որովհետեւ գիտենք, թէ Աստուած ճշմարիտ դատաստանով պիտի դատէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ՚ընեն։
3
Արդ, ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես՝ բայց դուն ինքդ նոյն բաները կ՚ընես, կը խորհի՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն զերծ պիտի մնաս։
4
Կամ կ՚արհամարհե՞ս անոր անչափքաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը եւ համբերատարութիւնը, երբ գիտես որ Աստուծոյ քաղցրութիւնն է որ քեզ ապաշխարութեան կը բերէ։
5
Քու կարծրութեամբդ եւ չզղջացող սրտովդ միայն բարկութիւն է որ կը դիզես քեզի համար, երբ բարկութեան օրը գայ եւ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի։
6
Որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւրին պիտի հատուցանէ՝ անոր գործերուն համաձայն։
7
Յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք բարի գործերու մէջ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը փնտռեն.
8
իսկ բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան։
9
Նեղութիւն ու տառապանք կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։
10
Իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։
11
Որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։
12
Անոնք որոնք առանց Աստուծոյ Օրէնքը ճանչնալու մեղանչեցին՝ առանց այդ Օրէնքին պիտի պատժուին, իսկ անոնք որ Օրէնքը գիտնալով մեղանչեցին՝ Օրէնքին համաձայն պիտի դատապարտուին.
13
որովհետեւ Օրէնքը գիտցողները չէ՛ որ կ՚արդարանան Աստուծոյ առջեւ, այլ՝ Օրէնքը գործադրողները պիտի արդարանան։
14
Օրինակ, հեթանոսները Աստուծոյ Օրէնքը չունին. բայց երբ բնականօրէն Օրէնքին պահանջները կը գործադրեն, Օրէնքը չունենալով՝ նոյնինքն իրենք են իրենց Օրէնքը։
15
Անոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ Օրէնքին պահանջները իրենց սիրտերուն մէջ գրուած ունին, որուն կը վկայէ նաեւ իրենց խիղճը, երբ իրենց դատողութիւնները զիրենք կը յանդիմանեն կամ կ՚արդարացնեն։
16
Այո՛, իւրաքանչիւրը իր ունեցած օրէնքով պիտի դատուի, այն օրը՝ երբ Աստուած մարդոց ծածուկ գործերը պիտի դատէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, ինչպէս որ աւետարանեցի ձեզի։
17
Արդ, դուն որ ինքզինքդ Հրեայ կը կոչես եւ Օրէնքին ապաւինած՝ Աստուծմով կը պարծենաս,
18
դուն որ գիտես անոր կամքը եւ Օրէնքէն սորված ըլլալով՝ կրնաս զանազանել լաւն ու վատը,
19
դուն որ համոզուած ես թէ առաջնորդ ես կոյրերուն, լոյս՝ խաւարի մէջ եղողներուն,
20
խրատիչ՝ անմիտներուն, ուսուցիչ՝ մանուկներուն, եւ համոզուած ես թէ Օրէնքը իր մէջ ունի իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը,
21
ի վերջոյ, դուն որ ուրիշին կ՚ուսուցանես՝ ինքզինքիդ չե՞ս ուսուցաներ։ Դուն որ կը քարոզես չգողնալ՝ կը գողնա՞ս։
22
Դուն որ կ՚ըսես՝ «Մի՛ շնար», կը շնա՞ս։ Դուն որ կուռքերէն կը գարշիս՝ անոնց տաճարներուն մէջ կողոպո՞ւտ կ՚ընես։
23
Դուն որ Օրէնքով կը պարծենաս՝ զԱստուած անապատուած չե՞ս ըլլար Օրէնքը խախտելով։
24
Արդարեւ, «Ձեր պատճառով հեթանոսներ Աստուծոյ անունը կ՚անարգեն», ինչպէս գրուած է։
25
Թլփատութիւնը օգուտ կ՚ունենայ միայն՝ եթէ Օրէնքը գործադրես. իսկ եթէ Օրէնքը խախտես՝ թլփատուած ըլլալովդ հանդերձ անթլփատ հեթանոսի պէս կ՚ըլլաս։
26
Իսկ եթէ անթլփատ հեթանոսը Օրէնքին պահանջած իրաւունքը գործադրէ՝ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն չի՞ համարուիր.
27
եւ մարմինով անթլփատ եղողը Օրէնքին գործադրութեամբ դատապարտած չ՚ը՞լլար քեզ՝ որ աստուածային գիրքերով ու թլփատութեամբ քեզիտրուած Օրէնքին հանդէպյանցաւոր ես։
28
Որովհետեւ արտաքնապէս Հրեայ եղողը չէ՛ իսկական Հրեան, ո՛չ ալ մարմնական թլփատութիւնն է իսկական թլփատութիւնը.
29
այլ՝ ներքնապէս Հրեայ եղողն է Հրեան, եւ իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին համաձայն ապրիլն է եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին համաձայն ապրիլը։ Այդպիսին մարդոցմէ չէ որ կը գովուի, այլ՝ Աստուծմէ։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16