bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Isaiah 29
Isaiah 29
Armenian 1853
← Chapter 28
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 53
Chapter 54
Chapter 55
Chapter 56
Chapter 57
Chapter 58
Chapter 59
Chapter 60
Chapter 61
Chapter 62
Chapter 63
Chapter 64
Chapter 65
Chapter 66
Chapter 30 →
1
Վա՜յ Արիէլին, Դաւիթին բնակած Արիէլ քաղաքին. Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք։ Թող տարեկան տօները դառնան։
2
Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ Եւ ինծի Արիէլին պէս պիտի ըլլայ։
3
Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ, Քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ, Քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնեմ։
4
Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս Եւ քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի լսուին Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի գայ Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ։
5
Ու քու թշնամիներուդ բազմութիւնը՝ մանր փոշիի պէս Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ։ Ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ։
6
Զօրքերու Տէրոջը կողմէ՝ Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ ձայնով, Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով Այցելութիւն մը պիտի ըլլայ։
7
Արիէլին վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները Ու զանիկա պաշարողները Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան։
8
Ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ’ուտէ, Բայց արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ, Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ, Բայց արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի, Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեանը, Որ Սիօնի լերանը դէմ պատերազմի կու գայ։
9
Ապշեցէ՛ք ու զարմացէ՛ք, Շլացէ՛ք ու թմրեցէ՛ք. Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ. Անոնք կ’երերան, բայց ցքիէն չէ.
10
Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց Ու ձեր աչքերը գոցեց. Մարգարէներն ու ձեր գլխաւորները, Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց։
11
Եւ ամենուն տեսիլքները կնքուած գրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի, Որ կարդալ գիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է»։
12
Այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։
13
Անոր համար Տէրը կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է.
14
Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ Այսուհետեւ զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։
15
Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար Ու իրենց գործը մութին մէջ կ’ընեն Ու կ’ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։
16
Դուք գործերը տակն ու վրայ կ’ընէք։ Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞. Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ. «Անիկա զիս չշինեց»։ Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ. «Անիկա իր ըրածը չի գիտեր»։
17
Ահա շատ քիչ ժամանակէն Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։
18
Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն, Կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով ՝ պիտի տեսնեն։
19
Խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն, Չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան,
20
Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ Եւ ծաղր ընող պիտի չմնայ Ու ամէն անոնք, որոնք անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի կորսուին.
21
Անոնք ալ, որոնք մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն Ու քաղաքին դրանը մէջ ջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն։
22
Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը Յակոբին տանը համար այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբ անգամ մըն ալ պիտի չամչնայ Ու անոր երեսը անգամ մըն ալ պիտի չդեղնի.
23
Վասն զի երբ տեսնէ իր տղաքը՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իր մէջ, Այն ատեն իմ անունս պիտի փառաւորեն, Յակոբին Սուրբը պիտի փառաւորեն Ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան։
24
Հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին»։
← Chapter 28
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 53
Chapter 54
Chapter 55
Chapter 56
Chapter 57
Chapter 58
Chapter 59
Chapter 60
Chapter 61
Chapter 62
Chapter 63
Chapter 64
Chapter 65
Chapter 66
Chapter 30 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50
51
52
53
54
55
56
57
58
59
60
61
62
63
64
65
66