bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Isaiah 45
Isaiah 45
Armenian 1853
← Chapter 44
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 53
Chapter 54
Chapter 55
Chapter 56
Chapter 57
Chapter 58
Chapter 59
Chapter 60
Chapter 61
Chapter 62
Chapter 63
Chapter 64
Chapter 65
Chapter 66
Chapter 46 →
1
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, Դռները բնաւ չգոցուին։
2
Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ
3
Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։
4
Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։
5
Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար,
6
Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։
7
Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։
8
«Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։ Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։ Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։
9
Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝. Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’, Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։
10
Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’ Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։
11
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։
12
Երկիրը ես շինեցի Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։ Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։
13
Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։ Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան». Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։
14
Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն Եւ շղթաներով պիտի պտըտին Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝ Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն. ‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։
15
Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։
16
Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին, Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։
17
Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։ Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։
18
Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց եւ հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց։ «Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։
19
Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ, Յակոբի սերունդին չըսի թէ ‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’. Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։
20
Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք, Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։ Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։
21
Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։ Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն, Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց. Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։
22
Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք. Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։
23
Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար, ‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։
24
Մէկը պիտի ըսէ. ‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’. Ամէն մէկը անոր պիտի գայ Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։
25
Իսրայէլի բոլոր սերունդը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։
← Chapter 44
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 51
Chapter 52
Chapter 53
Chapter 54
Chapter 55
Chapter 56
Chapter 57
Chapter 58
Chapter 59
Chapter 60
Chapter 61
Chapter 62
Chapter 63
Chapter 64
Chapter 65
Chapter 66
Chapter 46 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50
51
52
53
54
55
56
57
58
59
60
61
62
63
64
65
66