bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Leviticus 2
Leviticus 2
Armenian 1853
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 3 →
1
«Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։
2
Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
3
Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։
4
Եւ եթէ թոնիրին մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։
5
Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։
6
Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։
7
Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։
8
Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։
9
Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
10
Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։
11
Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։
12
Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։
13
Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընէս։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։
14
Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։
15
Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։
16
Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27