bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Leviticus 24
Leviticus 24
Armenian 1853
← Chapter 23
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 25 →
1
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2
«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն քեզի լոյսի համար, որպէս զի միշտ ճրագ վառի։
3
Վկայութեան խորանին մէջ, վկայութեան վարագոյրէն դուրս, միշտ պիտի պատրաստէ զայն՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ վառուելու համար ։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
4
Ճրագները զուտ ոսկի աշտանակի վրայ Տէրոջը առջեւ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան։
5
Բարակ ալիւր ա՛ռ եւ անով տասներկու շօթ եփէ՛. ամէն մէկ շօթը երկու տասնորդ պէտք է ըլլայ։
6
Զանոնք Տէրոջը առջեւ մաքուր սեղանին վրայ երկու կարգով դի՛ր. ամէն մէկ կարգը վեց հատ պէտք է ըլլայ։
7
Ամէն կարգի վրայ զուտ կնդրուկ դի՛ր, որպէս զի հացին վրայ պատարագի յիշատակ ըլլայ Տէրոջը։
8
Իսրայէլի որդիներուն կողմէ յաւիտենական ուխտով ամէն շաբաթ օր Տէրոջը առջեւ զանիկա պէտք է կարգադրէ։
9
Անիկա Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ։ Սուրբ տեղը ուտեն զանիկա, վասն զի այն՝ Տէրոջը պատարագներէն յաւիտենական կանոնով ամենասուրբ է»։
10
Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Իսրայելացի կնոջ մը որդին ելաւ, որուն հայրը Եգիպտացի էր ու այն Իսրայելացի կնոջ որդին Իսրայելացի մարդու մը հետ բանակին մէջ կռուեցաւ
11
Եւ այն Իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան ու անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։
12
Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։
13
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
14
«Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն ու բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։
15
Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ՛’։
16
Տէրոջը անուան հայհոյողը անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէտք է մեռցուի։
17
Ով որ մարդ մը սպաննէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։
18
Ան որ անասուն մը կը մեռցնէ, անասունի տեղ անասուն մը պէտք է հատուցանէ։
19
Եւ եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութեանը պատճառ ըլլայ, իր ըրածին պէս պէտք է ընեն իրեն.
20
Բեկման տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս անիկա մարդու մը խեղութիւն պատճառեր է, նոյնպէս պէտք է ըլլայ իրեն։
21
Եւ անասուն մեռցնողը պիտի հատուցանէ զայն. բայց մարդ մեռցնողը պէտք է մեռցուի։
22
Թէ՛ օտարականին համար եւ թէ՛ բնիկին համար՝ ձեր օրէնքը մէկ պէտք է ըլլայ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
23
Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն, որ այն անիծող մարդը բանակէն դուրս հանեն եւ քարկոծեն զանիկա։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին։
← Chapter 23
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 25 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27