bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Exodus 10
Exodus 10
Armenian 1853
← Chapter 9
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 11 →
1
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց
2
Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։
3
Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։
4
Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ,
5
Որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն
6
Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։
7
Փարաւոնին ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ Եգիպտոս աւրուեցաւ»։
8
Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քով կանչուեցան եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց որո՞նք են գացողները»։
9
Մովսէս ըսաւ. Մեր մանուկներովն ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովն ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովն ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը»։
10
Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ։ Զգուշացէ՛ք, քանզի չարիք կայ ձեր առջեւ։
11
Ո՛չ, նախ՝ դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Փարաւոնին առջեւէն վռնտուեցան։
12
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներու համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն»։
13
Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Առտուն՝ արեւելեան հովը մարախներ բերաւ։
14
Մարախները Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան։ Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։
15
Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ ու երկրին բոլոր խոտը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ եւ արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց։
16
Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։
17
Հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէ՛ք յանցանքս ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէ՛ք, որ իմ վրայէս միայն այս հարուածը վերցնէ»։
18
Անոնք Փարաւոնին քովէն դուրս ելան ու Տէրոջը աղաչեցին։
19
Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք։ Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց
20
Բայց Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց։
21
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։
22
Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր.
23
Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։
24
Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։
25
Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։
26
Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։
27
Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը եւ ան մերժեց արձակել զանոնք։
28
Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։
29
Մովսէս ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, անգամ մըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ»։
← Chapter 9
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 11 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40