bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Exodus 2
Exodus 2
Armenian 1853
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 3 →
1
Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։
2
Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։
3
Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, պրտուեղէն տապանակ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։
4
Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։
5
Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։
6
Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։
7
Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։
8
Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։
9
Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։
10
Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։
11
Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։
12
Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։
13
Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։
14
Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։
15
Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։
16
Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։
17
Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։
18
Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։
19
Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։
20
Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։
21
Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։
22
Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը Գերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։
23
Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։
24
Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր ։
25
Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը ։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40