bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Exodus 7
Exodus 7
Armenian 1853
← Chapter 6
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 8 →
1
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ։
2
Դուն իրեն ըսէ՛ այն ամէնը, որ քեզի կը հրամայեմ եւ քու եղբայրդ Ահարոն թող ըսէ Փարաւոնին, որպէս զի Իսրայէլի որդիները իր երկրէն արձակէ։
3
Ես Փարաւոնին սիրտը պիտի խստացնեմ ու իմ նշաններս ու հրաշքներս Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի շատցնեմ։
4
Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ ու ես իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի վերցնեմ եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։
5
Երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկնցնեմ ու Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, այն ատեն պիտի գիտնան Եգիպտացիները, որ ես եմ Տէրը»։
6
Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին։
7
Մովսէս ութսուն տարեկան էր ու Ահարոն ութսունըերեք տարեկան էր, երբ Փարաւոնին հետ խօսեցան։
8
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ՝
9
‘Ձեզի համար հրաշք ցուցուցէք’, այն ատեն Ահարոնին ըսէ՝ ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու Փարաւոնին առջեւ նետէ՛’։ Անիկա վիշապ պիտի ըլլայ»։
10
Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ եւ վիշապ եղաւ։
11
Եւ Փարաւոն իր իմաստուններն ու կախարդները կանչեց։ Եգիպտոսի մոգերը՝ անոնք ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին։
12
Ամէն մէկը իր գաւազանը նետեց ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնին գաւազանը անոնց գաւազանները կլլեց։
13
Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։
14
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին սիրտը խստացաւ, ժողովուրդը արձակել չուզեր։
15
Առտուն Փարաւոնին գնա՛։ Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ։ Դուն գետին եզերքը՝ անոր դէմ կայնէ եւ այն օձ դարձած գաւազանը ձեռքդ առ
16
Ու ըսէ՛ անոր. «Եբրայեցիներուն Եհովա Աստուածը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն անապատին մէջ. բայց մինչեւ հիմա մտիկ չըրիր’։
17
Այսպէս կ’ըսէ Տէրը. ‘Ասով գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։ Ահա ես իմ ձեռքս եղած գաւազանը գետին մէջի ջուրերուն պիտի զարնեմ ու արիւն պիտի դառնան
18
Եւ գետին մէջ եղած ձուկերը պիտի մեռնին ու գետը պիտի հոտի ու Եգիպտացիները պիտի զզուին գետին ջուրէն»։
19
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու ձեռքը երկնցուր Եգիպտացիներուն ջուրերուն վրայ, անոնց առուներուն վրայ, անոնց գետերուն վրայ ու անոնց լիճերուն վրայ եւ անոնց բոլոր ջրակոյտերուն վրայ, որպէս զի արիւն ըլլան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ՝ փայտէ ու քարէ ամաններուն մէջի ջուրերը արիւն թող ըլլան»։
20
Եւ Մովսէս ու Ահարոն Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը վերցուց ու Փարաւոնին առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ գետին ջուրերուն զարկաւ եւ գետին մէջի բոլոր ջուրերը արիւն դարձան։
21
Գետին մէջի ձուկերը մեռան ու գետը հոտեցաւ եւ Եգիպտացիները չէին կրնար գետէն ջուր խմել։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ արիւն կար։
22
Եգիպտոսի մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին։ Փարաւոնին սիրտը նորէն կարծրացաւ ու Տէրոջը ըսածին պէս՝ անոնց մտիկ չըրաւ։
23
Փարաւոն դարձաւ ու իր տունը գնաց։ Աս ալ անոր սրտին չդպաւ՝ ՝։
24
Բոլոր Եգիպտացիները գետին բոլորտիքը փորեցին խմելու ջուրի համար. վասն զի գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։
25
Տէրը գետը զարնելէն ետքը՝ եօթը օր անցաւ։
← Chapter 6
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 8 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40