bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Genesis 1
Genesis 1
Armenian 1853
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 2 →
1
Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
2
Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։
3
Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։
4
Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։
5
Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։
6
Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։
7
Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ ու հաստատութեանը տակ եղած ջուրերը հաստատութեանը վրայ եղած ջուրերէն զատեց ու այնպէս եղաւ։
8
Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։
9
Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։
10
Աստուած ցամաքին անունը Երկիր դրաւ ու հաւաքուած ջուրերը Ծով կոչեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։
11
Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։
12
Ու երկիրը կանաչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ հանեց։
13
Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։
14
Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։
15
Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան» ու այնպէս եղաւ։
16
Եւ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար ու պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ ։
17
Եւ Աստուած երկնքի հաստատութեանը մէջ դրաւ զանոնք, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան
18
Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։
19
Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։
20
Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։
21
Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։
22
Աստուած օրհնեց զանոնք՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ ծովերուն մէջ եղած ջուրերը լեցուցէք. թռչուններն ալ երկրի վրայ թող շատնան»։
23
Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։
24
Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։
25
Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։
26
Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։
27
Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։
28
Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։
29
Աստուած ըսաւ. «Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։
30
Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի »։ Ու այնպէս եղաւ։
31
Եւ Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 2 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50