bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Genesis 28
Genesis 28
Armenian 1853
← Chapter 27
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 29 →
1
Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։
2
Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ
3
Ու Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։
4
Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ, որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ»։
5
Իսահակ ղրկեց Յակոբը եւ անիկա գնաց դէպի Միջագետք Ասորի Բաթուէլի որդիին Լաբանին, որ Յակոբին ու Եսաւին մօրը Ռեբեկային եղբայրն էր։
6
Եսաւ տեսնելով, որ Իսահակ օրհնեց Յակոբը ու ղրկեց զանիկա դէպի Միջագետք, անկէ իրեն կին առնելու համար եւ զանիկա օրհնած ատենը պատուիրեց անոր ըսելով. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ»
7
Եւ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօրը ու մօրը ու Միջագետք գնաց։
8
Նաեւ Եսաւ տեսնելով, որ Քանանի աղջիկները իր հօրը Իսահակի հաճելի չեն,
9
Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլին գնաց եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամին որդիին Իսմայէլին աղջիկը Նաբէօթի քոյրը Մայէլէթը իրեն կին առաւ։
10
Յակոբ Բերսաբէէէն ելաւ դէպի Խառան գնաց։
11
Տեղ մը հասաւ ու գիշերը հոն մնաց, որովհետեւ արեւը մարը մտած էր եւ այն տեղի քարերէն առաւ ու իր գլխուն տակ դրաւ եւ այն տեղը պառկեցաւ։
12
Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։
13
Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ.
14
Եւ քու սերունդդ երկրի աւազին չափ շատ պիտի ըլլայ ու դէպի արեւմուտք եւ արեւելք եւ դէպի հիւսիս ու հարաւ պիտի տարածուի ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով ու քու սերունդովդ պիտի օրհնուին։
15
Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։
16
Յակոբ արթնցաւ իր քունէն ու ըսաւ. «Իրաւցընէ Տէրը այս տեղ է եղեր ու ես չգիտցայ»։
17
Եւ վախցաւ ու ըսաւ. «Ի՞նչ ահաւոր է այս տեղը. այս ուրիշ բան չէ՝ բայց միայն Աստուծոյ տունը։ Այս է երկնքի դուռը»։
18
Յակոբ առտուն կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց։
19
Եւ այն տեղին անունը Բեթէլ դրաւ. բայց առաջ այն քաղաքին անունը Լուզ էր։
20
Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ
21
Եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ
22
Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»։
← Chapter 27
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 29 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50