bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Genesis 48
Genesis 48
Armenian 1853
← Chapter 47
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 49 →
1
Այս բաներէն յետոյ Յովսէփին ըսուեցաւ. «Ահա քու հայրդ հիւանդ է»։ Անիկա ալ իր երկու որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ իրեն հետ առաւ։
2
Յակոբին պատմուեցաւ ու ըսուեցաւ. «Ահա քու որդիդ Յովսէփ քեզի կու գայ»։ Իսրայէլ ուժովցաւ ու անկողնին վրայ նստաւ։
3
Եւ Յակոբ ըսաւ Յովսէփին. «Ամենակարող Աստուած Քանանի երկիրը Լուզի մէջ երեւցաւ ինծի ու օրհնեց զիս
4
Եւ ըսաւ ինծի. ‘Ահա քեզ պիտի աճեցնեմ ու շատցնեմ եւ քեզ շատ ժողովուրդներու հայր պիտի ընեմ եւ այս երկիրը քեզմէ ետքը քու սերունդիդ յաւիտենական կալուածք ըլլալու պիտի տամ’։
5
Հիմա քու երկու որդիներդ, որոնք ծնան քեզի Եգիպտոսի մէջ, Եգիպտոս գալէս առաջ, իմս են. Եփրեմն ու Մանասէն Ռուբէնին ու Շմաւոնին պէս իմս պիտի ըլլան։
6
Անոնցմէ ետքը քու ծնած որդիներդ քուկդ ըլլան ու իրենց ժառանգութեանը մէջ իրենց եղբայրներուն անուններովը կանչուին։
7
Երբ Միջագետքէն կու գայի, Քանանի երկրին մէջ այն ճամբուն վրայ, որ տակաւին Եփրաթա երթալու քիչ մը տեղ կայ, Ռաքէլ մեռաւ իմ քովս ու զանիկա հոն Եփրաթայի՝ այսինքն Բեթլեհէմի ճամբուն մէջ թաղեցի»։
8
Եւ Իսրայէլ տեսաւ Յովսէփին որդիները ու ըսաւ. «Ո՞վ են ասոնք»։
9
Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Իմ որդիներս են, որոնք Աստուած հոս ինծի տուաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի բեր զանոնք, որպէս զի օրհնեմ»։
10
Իսրայէլին աչքերը ծերութենէն ծանրացած էին, այնպէս որ չէր կրնար տեսնել։ Յովսէփ զանոնք մօտեցուց հօրը ու անիկա համբուրեց զանոնք ու գրկեց։
11
Ու Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած ինծի քու սերունդդ ալ ցուցուց»։
12
Յովսէփ հանեց զանոնք անոր ծունկերէն եւ իր երեսը ծռեց մինչեւ գետինը եւ խոնարհութիւն ըրաւ։
13
Յովսէփ առաւ անոնց երկուքն ալ, Եփրեմը իր աջ ձեռքով Իսրայէլին ձախ կողմը եւ Մանասէն իր ձախ ձեռքով Իսրայէլին աջ կողմը ու մօտեցուց անոր։
14
Իսրայէլ իր աջ ձեռքը երկնցուց ու Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, որ պզտիկն էր ու իր ձախ ձեռքը Մանասէին գլխուն վրայ. անիկա խորհրդով իր ձեռքերը փոխեց, վասն զի Մանասէն անդրանիկն էր։
15
Օրհնեց Յովսէփը ու ըսաւ. «Այն Աստուածը, որուն առջեւ իմ հայրերս Աբրահամն ու Իսահակը քալեցին, այն Աստուածը, որ ծնած ատենէս մինչեւ հիմա զիս կերակրեց,
16
Այն հրեշտակը, որ զիս ամէն տեսակ չարիքներէ ազատեց, օրհնէ այս տղաքները եւ իմ անունս ու իմ հայրերուս Աբրահամին եւ Իսահակին անունը ասոնց վրայ կանչուի ու երկրին մէջտեղը խիստ շատնան»։
17
Երբ Յովսէփ տեսաւ, որ իր հայրը աջ ձեռքը Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, իրեն հաճելի չեղաւ, ուստի իր հօրը ձեռքը բռնեց, որպէս զի զանիկա Եփրեմին գլուն վրայէն Մանասէին գլխուն վրայ փոխադրէ։
18
Եւ Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Ո՛չ այդպէս, հայր իմ. վասն զի անդրանիկը այս է։ Քու աջ ձեռքդ անոր գլխուն վրայ դիր»
19
Իսկ հայրը չուզեց ու ըսաւ. «Գիտեմ, որդեա՛կ իմ. գիտեմ, ասիկա ալ ժողովուրդ պիտի ըլլայ եւ ասիկա ալ մեծ պիտի ըլլայ. բայց անոր պզտիկ եղբայրը անկէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ու անոր սերունդը խիստ մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։
20
Եւ այն օրը օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Իսրայէլ քեզմով պիտի օրհնէ, ‘Աստուած քեզ Եփրեմի պէս եւ Մանասէի պէս ընէ’» ըսելով ու Եփրեմը Մանասէէն առաջ դրաւ։
21
Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ահա ես կը մեռնիմ եւ Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեզ ձեր հայրերուն երկիրը պիտի դարձնէ։
22
Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի»։
← Chapter 47
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 49
Chapter 50
Chapter 49 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48
49
50