bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Job 21
Job 21
Armenian 1853
← Chapter 20
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 22 →
1
Յոբ պատասխանեց.
2
«Խօսքիս աղէկ մտիկ ըրէք Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։
3
Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք։
4
Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի։
5
Ինծի նայեցէ՛ք ու ապշեցէ՛ք Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէ՛ք։
6
Այս բաներուն վրայ մտածելով կը զարհուրիմ Ու մարմինս կը սկսի դողալ։
7
Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին, Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան։
8
Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջեւ Եւ անոնց զաւակները՝ աչքերնուն առջեւ։
9
Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։
10
Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկ չ’ելլեր. Կովը իր հորթը կը ծնանի ու վիժում չունենար։
11
Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցատկռտեն.
12
Թմբուկով ու քնարով կ’երգեն Ու սրինգին ձայնովը կ’ուրախանան։
13
Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցընեն Ու խաղաղութեամբ գերեզմանը կ’իջնեն։
14
Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն. ‘Քաշուէ՛ մեզմէ, Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր։
15
Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք’։
16
Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ՞։ Ամբարշտին խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։
17
Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՞ անգամ կը մարի Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ։ Աստուած իր բարկութեամբ անոնց ցաւեր կը բաժնէ։
18
Հովին առջեւ եղած յարդին պէս Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան։
19
‘Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ’, կ’ըսեն։ Անոր փոխարէն անոնց թող հատուցանէ, որ անոնք գիտնան։
20
Անոր աչքերը իր կորուստը թող տեսնեն Ու Ամենակարողին բարկութենէն թող խմէ։
21
Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն, Քանի որ իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։
22
Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնարաւո՞ր է, Անոր՝ որ բարձրերը կը դատէ։
23
Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ Բոլորովին հանդարտ ու հանգիստ.
24
Անոր քովերը ճարպով՝ ՝ լեցուն են Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է.
25
Ուրիշ մը կը մեռնի հոգիի ցաւով Ու առանց բարիքով կշտանալու.
26
Սակայն երկուքն ալ հողին մէջ կը պառկին Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք։
27
Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները Ու ինծի դէմ ձեր հնարած անիրաւութիւնները։
28
Վասն զի կ’ըսէք. ‘Ո՞ւր է իշխանին տունը Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը’։
29
Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք Ու անոնց վկայութիւնը չստացա՞ք։
30
Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի Ու բարկութեան օրուան կը տարուի։
31
Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր ճամբան Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ։
32
Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի Ու շիրմին մէջ պիտի մնայ։
33
Ձորին հողի կոշտերը անոր անոյշ պիտի գան Ու ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի երթայ, իսկ անոր առջեւէն գացողներուն հաշիւը չկայ։
34
Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի, Որովհետեւ ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ»։
← Chapter 20
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 22 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42