bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Job 4
Job 4
Armenian 1853
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 5 →
1
Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2
«Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։ Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։
3
Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։
4
Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր.
5
Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար. Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։
6
Միթէ աստուածապաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞ Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։
7
Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։
8
Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։
9
Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։
10
Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։
11
Առիւծը առանց որսի կը կորսուի Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։
12
Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։
13
Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։
14
Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։
15
Առջեւէս ոգի մը անցաւ Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։
16
Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.
17
«Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ, Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։
18
Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։ Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։
19
Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։
20
Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։
21
Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։ Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 5 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42