bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Job 38
Job 38
Armenian 1853
← Chapter 37
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 39 →
1
Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ.
2
«Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով Խորհուրդը կը նսեմացնէ։
3
Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛. Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։
4
Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։
5
Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։
6
Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ,
7
Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։
8
Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝ Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով,
9
Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի Ու մէգը՝ խանձարուր
10
Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝ Անոր փականք ու դռներ դրի
11
Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։
12
Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր, Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր,
13
Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ Ու չարագործները անկէ թօթուուին։
14
Երկիր նոր ձեւ մը կառնէ կնքուած կաւի պէս Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի՝ ՝ պէս կ’երեւնայ։
15
Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը Ու բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։
16
Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։
17
Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։
18
Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։ Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։
19
Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է, Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է,
20
Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս։
21
Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։
22
Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես,
23
Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի Ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։
24
Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի Եւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։
25
Հեղեղներուն համար՝ անցք Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ,
26
Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր,
27
Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ Ու կանանչ խոտ բուսցնէ։
28
Անձրեւը հայր ունի՞, Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։
29
Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ Ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։
30
Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուին Ու անդունդին երեսը կը սառի։
31
Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել. Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։
32
Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել Ու Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։
33
Երկնքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։
34
Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել, Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։
35
Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան Ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։
36
Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։
37
Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել Ու երկնքի տիկերը պառկեցնել,
38
Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ Հողին կոշտերը իրարու կը փակչին։
39
Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։ Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել,
40
Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտին Ու դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։
41
Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին»։
← Chapter 37
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 39 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42