bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Ezekiel 12
Ezekiel 12
Armenian 1853
← Chapter 11
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 13 →
1
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2
«Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։
3
Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս ուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք՝ ՝ ապստամբներու տուն են։
4
Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։
5
Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ.
6
Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։
7
Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։
8
Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
9
«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։
10
Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։
11
Ըսէ՛՝ Ես ձեզի համար նշան եմ։ Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։
12
Անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։ Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։ Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։
13
Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ Ու անիկա իմ որոգայթիս մեջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն, Քաղդէացիներու երկիրը, պիտի տանիմ։ Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ, Թէեւ հոն պիտի մեռնի։
14
Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները Ու անոր բոլոր գունդերը Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ, Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։
15
Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ, Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
16
Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած Քիչ մարդ պիտի թողում, Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
17
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18
«Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛
19
Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛. Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որպէս զի իրենց երկիրը բոլորովին ամայի մնայ Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։
20
Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին, Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։
21
Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
22
«Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը, Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։
23
Անոր համար անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս առակը պիտի խափանեմ Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։ Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան, Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։
24
Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։
25
Քանզի ես Տէրս կը խօսիմ՝ ՝ Ու խօսքիս գործադրութիւնը Ա՛լ պիտի չուշանայ, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն, Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
26
Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
27
«Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ ‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։
28
Ուստի անոնց ըսէ. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. ‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ, Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։
← Chapter 11
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 13 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48