bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Ezekiel 8
Ezekiel 8
Armenian 1853
← Chapter 7
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 9 →
1
Վեցերորդ տարուան, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, ես իմ տանս մէջ կը նստէի եւ Յուդայի ծերերը իմ առջեւս կը նստէին ու հոն Տէր Եհովային ձեռքը իմ վրաս ինկաւ։
2
Նայեցայ ու ահա մարդու կերպարանք մը կար կրակի երեւոյթով։ Անոր մէջքէն վար կրակ էր ու անոր մէջքէն վեր ոսկեպղինձի նման փայլուն երեւոյթ մը կար։
3
Անիկա ձեռքի նմանութիւն մը երկնցուց ու իմ գլխուս մազերէն բռնեց ու Հոգին զիս երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուց եւ զիս Աստուծոյ տեսիլքով Երուսաղէմ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրանը մուտքը տարաւ, ուր նախանձի կուռքը կը կենար։
4
Ահա հոն, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս պէս Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը հո՛ն էր։
5
Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա քու աչքերդ դէպի հիւսիս վերցուր»։ Երբ աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, ահա սեղանին դրանը մուտքին հիւսիսային կողմը այս Նախանձի կուռքը տեսայ։
6
Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս այն մեծ պղծութիւնները, որոնք Իսրայէլի տունը հոս կ’ընէ, որպէս զի ես իմ սրբարանէս հեռանամ։ Բայց նորէն դարձիր ու աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։
7
Զիս գաւիթին դուռը տարաւ ու տեսայ որ պատին վրայ ծակ մը կար։
8
Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա այս պատը փորէ՛»։ Երբ պատը փորեցի, դուռ մը տեսայ։
9
Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն չար պղծութիւնները, որոնք անոնք հոս կ’ընեն»։
10
Ես մտայ ու տեսայ ամէն տեսակ սողուններու ու գարշելի անասուններու պատկերներ եւ Իսրայէլի տանը բոլոր կուռքերը պատին վրայ շուրջանակի փորուած էին։
11
Անոնց առջեւ կայնած էին Իսրայէլի տանը ծերերէն եօթանասուն մարդ։ Եւ Սափանի որդին Յեզոնիան ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Ամէն մէկը ձեռքը բուրվառ մը ունէր ու խունկին ծուխը ամպի պէս վեր կ’ելլէր։
12
Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչէ՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’»։
13
Ինծի ըսաւ. «Նորէն դարձիր եւ անոնց ըրած աւելի մեծ պղծութիւնները պիտի տեսնես»։
14
Զիս Տէրոջը տանը դէպի հիւսիս նայող դրանը մուտքը տարաւ, ուր Թամուզի համար լացող կիներ կը նստէին։
15
Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս. նորէն դարձիր ու ասոնցմէ աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։
16
Զիս Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք կռնակնին Տէրոջը տաճարին դարձուցեր էին ու երեսնին դէպի արեւելք ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։
17
Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին։ Ահա ճիւղը իրենց քթին կ’երկնցնեն։
18
Ու ես ալ սրտմտութեամբ պիտի վարուիմ անոնց հետ ։ Աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Անոնք իմ ականջներուս մեծ ձայնով պիտի կանչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։
← Chapter 7
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 9 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48