bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Ezekiel 34
Ezekiel 34
Armenian 1853
← Chapter 33
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 35 →
1
Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2
«Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. ‘Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։
3
Դուք ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։
4
Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք։
5
Անոնք հովիւ չունենալնուն համար ցրուեցան ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան։
6
Իմ ոչխարներս լեռներու վրայ ու բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան եւ իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան ու հարցնող ու փնտռող չեղաւ’։
7
«Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք.
8
‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան եւ իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին’,
9
Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք,
10
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ ու իմ ոչխարներս անոնցմէ պիտի պահանջեմ եւ զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ ու հովիւները անգամ մըն ալ պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան’։
11
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։
12
Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի ատեն ցրուեցան։
13
Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ ու երկրին ամէն բնակելի տեղերը պիտի արածեմ.
14
Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։
15
Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
16
Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ, բայց պարարտն ու զօրաւորը պիտի պահեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ’։
17
«Ձեզի, ո՛վ իմ ոչխարներս, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։
18
Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք ու մաքուր ջուրերն ալ խմե՞լը, որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք։
19
Իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կ’ուտեն ու ձեր ոտքերով պղտորածը կը խմեն’։
20
Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ինքս դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ։
21
Քանի որ դուք ձեր կողքով եւ ուսով հրեցիք ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք, մինչեւ որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք,
22
Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։
23
Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։
24
Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։
25
Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։
26
Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։
27
Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։
28
Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ։
29
Անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ ու անգամ մըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին ու ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն
30
Եւ պիտի գիտնան թէ ես՝ իրենց Տէր Աստուածը՝ իրենց հետ եմ ու իրենք՝ Իսրայէլի տունը՝ իմ ժողովուրդս են’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։
31
«Դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք ու ես ձեր Աստուածն եմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
← Chapter 33
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 35 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48