bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Ezekiel 24
Ezekiel 24
Armenian 1853
← Chapter 23
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 25 →
1
Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2
«Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի այս օրուան անունը՝ ճիշդ այս օրը գրէ. Բաբելոնի թագաւորը ճիշդ այս օրը Երուսաղէմի մօտեցաւ։
3
Այն ապստամբներուն տանը առակ մը ըսէ, թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Կաթսան դիր ու մէջն ալ ջուր լեցուր։
4
Անոր կտորները, ամենէն աղէկ կտորները՝ ազդրը եւ ուսը՝ անոր մէջ դի՛ր ու զանիկա ընտիր ոսկորներով լեցուր։
5
Ոչխարներուն ընտիրները ա՛ռ ու ոսկորներն ալ տակը դիզէ՛, զանիկա խիստ շատ եռացո՛ւր, այնպէս որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին’»։
6
Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային, որուն ժանգը իր մէջն է ու ժանգը մէջէն ելած չէ. զանիկա իր մէջի կտորներովը հանէ՛, անոր վրայ թող վիճակ ձգուի.
7
Վասն զի անոր արիւնը իր մէջն է։ Զանիկա չոր ապառաժի վրայ դրաւ, զանիկա գետնի վրայ չթափեց, որ զանիկա հողով ծածկէ։
8
Իմ սրտմտութիւնս գրգռելու ու վրէժ առնելու համար՝ անոր արիւնը չոր ապառաժի վրայ դրի, որպէս զի չծածկուի»։
9
Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, ես ալ կրակին դէզը պիտի մեծցնեմ’։
10
Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը բռնկեցո՛ւր, որպէս զի միսը հալի, համեմներ ալ դի՛ր, որ ոսկորները այրին։
11
Ետքը պարապ կաթսան ածուխի վրայ դիր, որպէս զի պղինձը տաքնայ ու այրի ու մէջի պղծութիւնը հալի ու ժանգը հատնի։
12
Անիկա աշխատութիւնով զիս յոգնեցուց ու անոր ժանգը չելաւ, անոր ժանգը կրակով չելաւ ։
13
Քու անմաքրութեանդ մէջ պղծութիւն կայ, որովհետեւ քեզ մաքրելու աշխատեցայ՝ ՝, բայց դուն չմաքրուեցար, այսուհետեւ քու անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ բարկութիւնս քու վրադ թափեմ։
14
Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ, ան պիտի գայ ու զանիկա պիտի կատարեմ, պիտի չներեմ՝ ՝ ու պիտի չխնայեմ եւ պիտի չզղջամ. քու ճամբաներուդ ու քու գործերուդ համեմատ պիտի դատուիս’։
15
Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
16
«Որդի՛ մարդոյ, ահա ես հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ, որ չ’ողբաս ու չի լաս եւ քու աչքերէդ արցունք թող չի գայ։
17
Լռութեամբ ըլլայ քու հեծութիւնդ, մեռելի սուգ մի՛ բռներ. քու ապարօշդ գլուխդ փաթթէ, հաւաքէ՛, կօշիկներդ հագի՛ր ու շրթունքդ մի՛ ծածկեր եւ մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։
18
Առաւօտուն ժողովուրդին խօսեցայ ու իրիկունը կինս մեռաւ ու հետեւեալ առաւօտուն ինծի հրամայուածը ըրի։
19
Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս բաներէն ի՞նչ պիտի իմանանք »։
20
Ես անոնց ըսի. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով՝ Իսրայէլի տանը ըսէ՛,
21
Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ սրբարանս, ձեր զօրութեանը պարծանքը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնը ու ձեր հոգիին խնայածը պիտի պղծեմ եւ ձեր թողուցած տղաքներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։
22
Դուք իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր շրթունքները պիտի չծածկէք, մարդոց հացը պիտի չուտէք
23
Ու ձեր ապարօշները գլուխնիդ եւ ձեր կօշիկները ոտքերնիդ պիտի ըլլան. պիտի չողբաք ու պիտի չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններովը պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի հեծեծէք։
24
Եզեկիէլ ձեզի նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածին պէս պիտի ընէք ու երբ ասիկա ըլլայ, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան’։
25
Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երբ ես անոնցմէ առնեմ անոնց զօրութիւնը, անոնց պարծանքի ցնծութիւնը, անոնց աչքերուն ցանկութիւնն ու անոնց հոգիին սիրած տղաքներն ու աղջիկները,
26
Ահա այն օրը փախստական մը քեզի պիտի գայ եւ քու ականջներուդ պիտի պատմէ։
27
Այն օրը քու բերանդ պիտի բացուի փախստականին քով ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս ու դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
← Chapter 23
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 25 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48