bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Ezekiel 29
Ezekiel 29
Armenian 1853
← Chapter 28
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 30 →
1
Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2
«Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւնը ըրէ՛,
3
Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։
4
Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։
5
Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։
6
Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։
7
Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց բազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։
8
Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։
9
Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։
10
Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ.
11
Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։
12
Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։
13
Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան
14
Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։
15
Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։
16
Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։
17
Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18
«Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։
19
Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։
20
Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
21
«Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։
← Chapter 28
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 37
Chapter 38
Chapter 39
Chapter 40
Chapter 41
Chapter 42
Chapter 43
Chapter 44
Chapter 45
Chapter 46
Chapter 47
Chapter 48
Chapter 30 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36
37
38
39
40
41
42
43
44
45
46
47
48