bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Numbers 23
Numbers 23
Armenian 1853
← Chapter 22
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 24 →
1
Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։
2
Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցին։
3
Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու բարձր տեղ մը ելաւ։
4
Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցի»։
5
Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։
6
Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։
7
Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝ Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով. ‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛, Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։
8
Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ, Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ.
9
Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկա Եւ բլուրներէն կը նայիմ անոր. Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակի Ու ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։
10
Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրել Եւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։ Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնի Ու իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։
11
Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։
12
Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։
13
Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։
14
Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, Փասգային գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց։
15
Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։
16
Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։
17
Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։
18
Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։ Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։
19
Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի, Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ. Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞, Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։
20
Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեց Ու ես չեմ կրնար ջնջել։
21
Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ, Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ. Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է. Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։
22
Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է. Անիկա միեղջերուի ոյժ ունի։
23
Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չըլլար Ու Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։ Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակին Պիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։
24
Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէ Ու առիւծի պէս պիտի բարձրանայ Ու պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէ Ու սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։
25
Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։
26
Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։
27
Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։
28
Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։
29
Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։
30
Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց»։
← Chapter 22
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 24 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36