bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Numbers 6
Numbers 6
Armenian 1853
← Chapter 5
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 7 →
1
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2
«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրէ եւ ուխտի կամ նուիրման զաւակ ըլլայ,
3
Գինիէ եւ օղիէ պէտք է զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացախ պէտք չէ խմէ եւ բնաւ խաղողի օշարակ պէտք չէ խմէ ու խաղող կամ չամիչ պէտք չէ ուտէ։
4
Ինքզինք նուիրելէ ետք որթատունկէն եղած բան մը պէտք չէ ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։
5
Ինքզինք նուիրելէ ետք իր գլխուն ածելի պէտք չէ զարնէ. մինչեւ ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերը լմննան՝ ինք սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին։
6
Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմնի մը պէտք չէ մօտենայ.
7
Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պէտք չէ պղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն ուխտը իր գլխուն վրայ է։
8
Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը։
9
Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, մաքրուելու համար իր գլուխը պէտք է ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն
10
Եւ ութերորդ օրը վկայութեան խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է բերէ քահանային։
11
Քահանան մէկը՝ իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ պիտի մատուցանէ եւ մեռելին պատճառած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր ու այն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը։
12
Իր ուխտին օրերը Տէրոջը պէտք է նուիրէ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ առանց նախկին օրերը համրելու, որովհետեւ իր ուխտը պղծուեցաւ։
13
Ուխտաւորին օրէնքը այս է՝ Երբ ինքզինք նուիրելու օրերը լմննան, անիկա վկայութեան խորանին դուռը պէտք է բերուի
14
Եւ իր զոհը Տէրոջը պէտք է մատուցանէ։ Մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար եւ անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար։
15
Սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած թթխմորի շօթեր ու իւղով օծուած առանց թթխմորի լաւաշներ եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ ։
16
Քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մօտեցնելով պէտք է մատուցանէ։
17
Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը՝ առանց թթխմորի հացին սակառովը ու քահանան անոր հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։
18
Ուտաւորը իր նուիրած գլուխը պէտք է ածիլէ վկայութեան խորանին դուռը ու իր նուիրած գլխուն մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ թող նետէ։
19
Քահանան խոյէն՝ եփած թեւը եւ սակառէն առանց թթխմորի շօթ մը ու մէկ լաւաշ առնէ եւ ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը։
20
Եւ քահանան իբր երերցնելու ընծայ թող մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջեւ։ Ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են եւ անկէ յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։
21
Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է՝ իր ձեռքը հասածէն զատ։ Անիկա իր ըրած խոստումը իր նուիրուելուն օրէնքովը պէտք է կատարէ»։
22
Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
23
«Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները՝ ըսելով անոնց.
24
‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ.
25
Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի.
26
Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի’։
27
Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք»։
← Chapter 5
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 7 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36