bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Numbers 27
Numbers 27
Armenian 1853
← Chapter 26
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 28 →
1
Յովսէփին որդիին Մանասէին տոհմերէն՝ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերին որդիին Սալպաադին աղջիկները մօտեցան Մովսէսին։ Այս աղջիկներուն անուններն են՝ Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։
2
Ասոնք Մովսէսին եւ Եղիազար քահանային ու իշխաններուն եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնեցան վկայութեան խորանին դուռը ու ըսին.
3
«Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ ու անիկա Տէրոջը դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ, Կորխի խումբին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ ու տղայ չունէր։
4
Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։
5
Ու Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ։
6
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
7
«Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես
8
Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. ‘Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք.
9
Բայց եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն պէտք է տաք
10
Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն պէտք է տաք
11
Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամենէն մօտ ազգականին պէտք է տաք ու ան ըլլայ անոր ժառանգորդը։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի օրէնք պէտք է ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց’»։
12
Յետոյ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Այդ Աբարիմին լեռը ելի՛ր ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ
13
Եւ զայն տենելէ յետոյ, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն խառնուեցաւ.
14
Որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ՝ ժողովուրդին հակառակութիւն ըրած ատենը ու անոնց առջեւ զիս չփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ։)
15
Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ.
16
«Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը թող որոշէ,
17
Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։
18
Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի Նաւէին որդին Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ ու անոր վրայ ձեռքդ դի՛ր
19
Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուր եւ անոնց աչքին առջեւ անոր պատուէր տուր
20
Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը անոր հնազանդի։
21
Անիկա Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կենայ ու Տէրոջը առջեւ Ուրիմին կանոնովը անոր պիտի հարցնէ՝ ՝, անոր խօսքովը պիտի ելլեն ու անոր խօսքովը պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովուրդը»։
22
Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր, առաւ Յեսուն ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուց։
23
Իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։
← Chapter 26
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 28 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36