bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Numbers 25
Numbers 25
Armenian 1853
← Chapter 24
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 26 →
1
Իսրայէլ Սատիմի մէջ բանակեցաւ, ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել։
2
Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն։ Ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն ըրին։
3
Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ։
4
Եւ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ժողովուրդին բոլոր իշխանները ա՛ռ ու զանոնք Տէրոջը առջեւ արեւին դէմ կախէ՛, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէն դառնայ»։
5
Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ամէն մէկդ մեռցուցէ՛ք ձեր այն մարդիկը, որոնք Բելփեգովրին յարեցան»։
6
Ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ՝ Մովսէսին աչքին առջեւ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ, երբ անոնք վկայութեան խորանին դրանը քով կու լային։
7
Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս այս բանը տեսնելով՝ ժողովուրդին մէջէն ելաւ ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ
8
Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ ու երկուքն ալ՝ այսինքն Իսրայելացին եւ կինը՝ փորէն խոցեց։ Այսպէս հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադրեցաւ։
9
Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին։
10
Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
11
«Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի։
12
Ասոր համար ըսէ թէ՝ ‘Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս
13
Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ’»։
14
Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուին որդին ու Շմաւոնեաններուն մէկ տոհմին իշխանն էր։
15
Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամի մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրին աղջիկն էր։
16
Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
17
«Մադիանացիները թշնամի սեպեցէք ու զանոնք զարկէք,
18
Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիին, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրին համար»։
← Chapter 24
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
Chapter 26 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36