bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Numbers 36
Numbers 36
Armenian 1853
← Chapter 35
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
1
Յովսէփին որդիներուն տոհմերէն Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան ու Մովսէսին առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն նահապետական իշխաններուն առջեւ խօսեցան
2
Ու ըսին. «Տէրը մեր տիրոջը հրամայեց, որ ժառանգութեան երկիրը վիճակով բաժնէ Իսրայէլի որդիներուն ու Տէրը մեր տիրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։
3
Արդ՝ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներէն տարբեր ցեղի մը որդիներուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի զատուի ու ո՛ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի բաժնուի։
4
Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին ՝ անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի զատուի»։
5
Մովսէս Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Յովսէփին որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի։
6
Սալպաադին աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. ‘Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, այն պայմանով որ ընտրածը հօրը ցեղէն ըլլայ.
7
Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէն ուրիշ ցեղի չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներէն ամէնքն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պէտք է տիրանան։
8
Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգորդ կ’ըլլայ, պէտք է իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կինը ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներէն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ։
9
Ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղի չանցնի, բայց Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի’»։
10
Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։
11
Քանզի Սալպաադի աղջիկները՝ Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։
12
Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին եւ ազգատոհմին մէջ մնաց։
13
Ասոնք են այն պաուիրանքներն ու կանոնները, որոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովսէսին միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց։
← Chapter 35
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 32
Chapter 33
Chapter 34
Chapter 35
Chapter 36
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31
32
33
34
35
36