bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 11
Proverbs 11
Armenian 1853
← Chapter 10
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 12 →
1
Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։
2
Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։
3
Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։
4
Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։
5
Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։
6
Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։
7
Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։
8
Արդարը նեղութենէ կ’ազատի Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։
9
Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։
10
Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի ։
11
Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։
12
Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ, Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։
13
Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։
14
Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։
15
Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի, Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։
16
Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։
17
Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։
18
Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ, Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։
19
Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ ։
20
Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։
21
Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին ՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։
22
Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի ։
23
Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է, Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։
24
Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի ։
25
Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։
26
Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը. Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։
27
Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։
28
Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։
29
Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։
30
Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։
31
Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ, Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։
← Chapter 10
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 12 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31