bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 20
Proverbs 20
Armenian 1853
← Chapter 19
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 21 →
1
Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։ Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չըլլար։
2
Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է Ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։
3
Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է, Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։
4
Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր, Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։
5
Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։
6
Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։
7
Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։
8
Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը Իր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։
9
Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի, Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։
10
Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ՝ Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։
11
Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը Անոր գործերէն կը հասկցուի։
12
Լսող ականջն ու տեսնող աչքը, Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։
13
Քունը մի՛ սիրեր, որպէս զի չաղքատանաս։ Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։
14
Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ, Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։
15
Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի, Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։
16
Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին՝ զգեստը առ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն ՝ գրաւ ա՛ռ։
17
Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է, Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։
18
Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի, Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։
19
Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։
20
Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ, Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։
21
Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի, Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։
22
«Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։
23
Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։
24
Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին, Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։
25
Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը Մարդուն որոգայթ են։
26
Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէ Ու անիւը անոնց վրայ կը քշէ։
27
Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է, Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։
28
Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն, Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։
29
Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է Եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։
30
Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները Չար մարդուն՝ ՝ մաքրողական դեղ են։
← Chapter 19
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 21 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31