bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 13
Proverbs 13
Armenian 1853
← Chapter 12
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 14 →
1
Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։
2
Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ. Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։
3
Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։
4
Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի, Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։
5
Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։
6
Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։
7
Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին, Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։
8
Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է, Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։
9
Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։
10
Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։
11
Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։
12
Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։
13
Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։
14
Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։
15
Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։
16
Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։
17
Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։
18
Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։
19
Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։
20
Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։
21
Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ, Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։
22
Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։
23
Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ, Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։
24
Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։
25
Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։
← Chapter 12
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 14 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31