bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 2
Proverbs 2
Armenian 1853
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 3 →
1
Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,
2
Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս,
3
Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,
4
Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,
5
Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։
6
Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
7
Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,
8
Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։
9
Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։
10
Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,
11
Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։
12
Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն
13
Եւ անոնցմէ ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։
14
Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։
15
Անոնց ճամբաները ծուռ են Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։
16
Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։
17
Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,
18
Անոր տունը մահուան պիտի տանի Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։
19
Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։
20
Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։
21
Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։
22
Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։
← Chapter 1
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 3 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31