bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 4
Proverbs 4
Armenian 1853
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 5 →
1
Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։
2
Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։
3
Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։
4
Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ, Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։
5
Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր, Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։
6
Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։
7
Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։
8
Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։
9
Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։
10
Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։
11
Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի,
12
Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին Ու վազելու ատենդ չսահիս։
13
Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։
14
Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։
15
Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, Անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։
16
Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։
17
Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։
18
Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։
19
Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։
20
Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։
21
Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ,
22
Վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն Եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։
23
Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։
24
Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։
25
Քու աչքերդ ուղիղ թող նային Ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։
26
Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։
27
Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, Ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր։
← Chapter 3
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 5 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31