bible
ra
🌐 Language
English
Español
Français
Deutsch
Português
Italiano
Nederlands
Русский
中文
日本語
한국어
العربية
Türkçe
Tiếng Việt
ไทย
Indonesia
All Languages
Home
/
Armenian
/
Armenian 1853
/
Proverbs 27
Proverbs 27
Armenian 1853
← Chapter 26
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 28 →
1
Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։
2
Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։
3
Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։
4
Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։
5
Յայտնի յանդիմանութիւնը Ծածուկ սէրէն աղէկ է։
6
Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։
7
Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ, Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։
8
Իր տեղէն թափառական եղող մարդը, Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։
9
Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։
10
Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։ Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։
11
Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։
12
Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։
13
Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։
14
Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։
15
Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։
16
Զանիկա պահողը հովը կը պահէ Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։
17
Երկաթը երկաթով կը սրուի Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։
18
Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։
19
Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին, Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ ։
20
Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։
21
Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ, Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ ։
22
Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։
23
Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ,
24
Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։
25
Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։
26
Գառները քու հագուստիդ համար են Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։
27
Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս ։
← Chapter 26
Jump to:
Chapter 1
Chapter 2
Chapter 3
Chapter 4
Chapter 5
Chapter 6
Chapter 7
Chapter 8
Chapter 9
Chapter 10
Chapter 11
Chapter 12
Chapter 13
Chapter 14
Chapter 15
Chapter 16
Chapter 17
Chapter 18
Chapter 19
Chapter 20
Chapter 21
Chapter 22
Chapter 23
Chapter 24
Chapter 25
Chapter 26
Chapter 27
Chapter 28
Chapter 29
Chapter 30
Chapter 31
Chapter 28 →
All chapters:
1
2
3
4
5
6
7
8
9
10
11
12
13
14
15
16
17
18
19
20
21
22
23
24
25
26
27
28
29
30
31